2014-09-28 08:56:55

Ռատիովատիկանի պաշտպան սուրբ` Գաբրիէլ Հրեշտակապետի Տօնը ։


Ռատիովատիակնի պահպան Սուրբ` Գաբրիէլ հրեշտակապետի տօնին առթիւ, երկուշաբթի, 29 սեպտեմբերի առաւօտեան ժամը 9,30-ին, Ռատիովատիկանի ''Բալացցօ Բիօ'' անուան կեդրոնի` Աւետման մատրան մէջ, տեղի ունցաւ Սուրբ պատարագ զոր գլխաւորեց Եպիսկոպոսական Սիւնհոդոսի ընդհանուր Քարտուղար` Կարդինալ Լորէնցօ Պալտիսսէրին եւ որուն երգեցողութիւնը կատարեց Վատիկանի ձայնասփիւռի աշխատակազմի երգչախումբը։
Արարողութեան ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ Կարտինալ Պալտիսէրի շեշտը դրաւ արդի աշխարհի հաղորդակցութեան միջոցներու կոչումին վրայ որ ըլլալու է ի սպաս բարիին, գեղեցիկին ու յատկապէս ճշմարիտին։ Ան ապա խորհրդածութիւն կեդրոնացուց հրեշտակապետներու պատմութեան հոլովոյթին ունեցած դերին, ըլլայ որպէս ''աւետողներ'' ըլլայ որպէս Աստուծոյ ժողովուրդին պաշտպաններ։
Քարոզին աւարտին Կարտինալ Պալտիսսէրի շնորհաւորելով Քաանայապետի ձայնասփիւռին տօնը, մաղթանք յայտնեց որ Ռատիովատիկանը կարենայ շարունակել իր Պետրոսի յաջորդին եւ տիեզերական եկեղեցւոյ ի սպաս մատուցած ծառայութիւնը միեւնոյն վեհանձնութեամբ ու նուիրումով որով մինչեւ օրս գործած է։
Արարողութեան աւարտին, Մարքոնի Սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ շքանշաններու տուչութիւն որուն արժանացան Ռատիովատիկանի աշխատակից Քոյր Լիտիա Քորոթքովա, Ուքրանական բաժնէն, Սիլվոնէյ Փրոթզ` Պրազիլական բաժնէն եւ Ճուզեփփէ Ֆանէուչչի` Վատիկանեան ձայնասփիւռի` Սանթա Մարիա Տի Կալերիա կեդրոնէն։ Խքանշանաբաշխումէն ետք տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն։
Յայտնենք թէ Վատիկանի Ձայնասփիւռը հիմնուած է՝ Ձայնասփիւռի գիւտարար Իտալացի Կուլիէլմօ Մարքոնիի կողմէ եւ Կայանին պաշտօնական բացումը կատարուած է 12 Փետրուար 1931-ին երջանկայիշատակ Պիոս ԺԱ. Հռոմի Պապի կողմէ։ Ռատիովատիկանի գլխաւոր գործունէութիւնն է Ազատութեամբ, Հաւատարիմ, Ազդու եւ զօրեղօրէն հաղորդել ու տարածել Քրիստոսի պատգամը, եւ կամուրջ հանդիսանալ Կաթողիկէութեան կեդրոն` Հռոմի ու համայն աշխարհի միջեւ։
Վատիկանի Ձայնասփիւռը աշխարհի ամենամեծ Ռատիոկայանն է։ Անոր ալիքներու միջոցաւ հինգ աշխարհամասերու ունկնդիրներուն կը ձայնասփռուին 40 լեզուներով յայտագիրներ, որոնց շարքին նաեւ 19 վայրկեան տեւող ամենօրեայ ''հայերէն'' յայտագիրը։








All the contents on this site are copyrighted ©.